2015-12-30 10:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Ողորմութեան Յոբելեանի Սուրբ Ծնունդը''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս'' այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Պապ սկիզբ տուաւ 2015 տարուայ չորեքշաբթի օրուայ վերջին հրապարակային ունկնդրութեան, զոր տեղի ունեցաւ, չորեքշաբթի 30 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ,  իտալացի եւ օտարազգի բազմահազար ուխտաւորներու ներկայութեամբ եւ որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն Սուրբ Ծննդեան տօնին։

Այս օրերուս, ըսաւ Սրբազան Պապը, մեր առջեւ կը դրուի Յիսուս Մանուկը որուն հանդէպ ջերմեռանդութիւնը տարածուած է ու շատ մը սուրբեր ուզեցին իրենց կեանքը հիմնել անոր օրինակին վրայ։ Կը մտաբերեմ  յատկապէս Լիզիէօյի Սրբուհի Թերեզան որ որպէս կրօնաւորուհի ընտրեց Մանուկ Յիսուսի Թերեզայի անունը։ Ան գիտցաւ ապրիլ եւ վկայել այս մանկական հոգեւորականութիւնը որ կարելի է իւրացնել, Սուրբ Կոյս Մարիամի դպրոցին մէջ, խորհրդածելով Աստուծոյ հեզութեան մասին որ մեզի համար դարձաւ փոքրիկ։

Աստուծոյ այս մանուկ դառնալը յատուկ իմաստ մը ունենալու է մեր հաւատքին համար։ Ծննդեան այս շրջանի ընթացքին մենք կը յիշենք Յիսուսի մանկութիւնը թէեւ Անոր մանկութեան մասին քիչ տուեալներ ունինք` ինչպէս անոր թլփատութիւնն ու ընծայումը տաճար (Ղուկ 2, 21-28), Մոգերու այցը (Մատթ 2, 1-23) ապա 12 տարեկանին երբ Մարիամի եւ Յովսէփի հետ միասին ուխտագնացութիւն կը կատարէ Երուսաղէմ` Զատկուայ առթիւ։ Ասով հանդերձ մենք կարող ենք շատ բան իմանալ անոր մանկութեան շրջանի մասին պարզապէս դիտելով մանուկներու կեանքը։ Այսպէսով կը բացայայտուի թէ մանուկները կարիքը ունին մեր ուշադրութեան։ Անոնք կ՛ուզեն միշտ կեդրոնը ըլլալ` որովհետեւ կ՛ուզեն պաշտպանուած զգալ իրենք զիրենք։ Ասոր համար հարկաւոր է որ մենք եւս որպէս մեր կեանքի կեդրոն ընտրենք Յիսուսը ու գիտակից ըլլանք, նոյնիսկ եթէ այս մէկը առեղծուած թուի, թէ պատասխանատուութիւնն ունինք զինք պաշտպանելու։ Ան կ՛ուզէ մեր գիրկը նստիլ ու իր հայեացքը  սեւեռել մեր հայեացքին։ Հարկաւոր է որ մենք ուրախացնենք Յիսուս Մանուկը ու Անոր ցուցաբերենք մեր սէրն ու ուրախութիւնը, Անոր մեր մէջ ներկայ գտնուելուն համար։

Անոր ժպիտը սիրոյ յատկանիշ է որ մեզի վստահութիւն կու տայ թէ մենք եւս սիրուած ենք։ Յիսուսին դիմաց մենք կանչուած ենք հրաժարելու մեր ինքնավարութիւնէն, ընկալելու համար իսկական ազատութիւնը որ կը կայանայ նկատի առնելու թէ ո՞վ ունինք մեր դիմաց ու ծառայելու Անոր, որովհետեւ Ան` Աստուծոյ Որդին է որ եկաւ մեզ փրկելու։ Մեր մէջ եկաւ մեզի ցոյց տալու համար Հօր դիմագիծը, հարուստ սիրով եւ ողորմութեամբ։

Մեր բազուկներուն մէջ գրկենք առ այդ Մանուկ Յիսուսը ու մենք մեզ դնենք Անոր ծառայութեան ի սպաս. Ան որ է ակնաղբիւր սիրոյ եւ անդորրութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.